2015-06-15 15:12:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 15 յունիսի քարոզը` ''Պահպանենք մեր սիրտը աշխարհի աղմուկէն''


(Ռատիօ Վատիկան) Քրիստոնեաները՝ թող սորվին պահպանել իրենց սիրտերը աշխարհի աղմուկներէն ու անոր ցանկութիւններէն,  որպէսզի  իւրաքանչիւր պահ՝ ուշադիր  ըլլանք  ընկալելու Աստուծոյ շնորհքը։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապի, երկուշաբթի, 15 յունիսի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին նիւթը։

Մեկնաբանելով օրուայ Պօղոս առաքեալի  Սուրբ Գրային   ընթերցումը,  Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց, թէ ամէն  պահ,  բարեպատեհ առիթ մըն է ընկալելու Տիրոջ ձրի  շնորհքը ու ապա ակնարկեց գայթակղութեան  մասին,  մատնանշելով, թէ գայթակղեցուցիչ են այն քրիստոնեաները, որոնք ամէն Կիրակի օր կը մասնակցին Սուրբ Պատարագի զոհին,  սակայն  ունին  աշխարհիկ կեանք եւ կ՝ապրին որպէս հեթանոսներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ հարց տալով, թէ ՝՝ինչպէ՞ս պէտք է ընկալենք Աստուծոյ շնորհքի պարգեւը՝՝  ըսաւ. իւրաքանչիւր պահ մեր կեանքի ընթացքին՝ բարեպատեհ առիթ է եւ պէտք է զգուշ ըլլանք հասկնալու համար Աստուծոյ ժամը՝ երբ Ան կ՝անցնի մեր սրտերուն ընդմէջէն։ Ասոր համար, աւլեցուց Սրբազան Հայրը, քրիստոնեան պէտք է պահպանէ իր սիրտը աշխարհի տաղտուկներէն եւ պէտք է հեռացնէ ամէն ինչ, որ յառաջ չի գար Տիրոջմէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.